Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ:
«Այն շրջանին, երբ ձեւաւորուած են բարենպաստ պայմաններ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական յառաջընթացի հաստատման համար, մենք կը հաւատանք, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, հաղորդակցութիւններու բացման, մարդոց միջեւ կապերու հաստատման գործին մէջ», ըսուած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ Անկախութեան օրուան առթիւ ուղղուած Ալիեւի շնորհաւորանքին մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ կարծիք յայտնած է, որ ԱՄՆ-ն կրնայ զգալի ներդրում ունենալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման գործընթացին մէջ: