image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-Իսրայէլ Սուրիոյ հարուածներուն վերաբերեալ գաղտնի համաձայնութիւն. Wall Street Journal-ի դիտարկումը

ԱՄՆ-Իսրայէլ  Սուրիոյ հարուածներուն վերաբերեալ  գաղտնի  համաձայնութիւն. Wall Street Journal-ի դիտարկումը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է, որ հաւանութիւն կու տայ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան օդուժի հասցուցած հարուածներուն ճնշող մեծամասնութեան: Երբեմն ան Իսրայէլէն կը պահանջէ ճշգրտումներ կատարել:

 

Ամերիկեան Wall Street Journal-ը, վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնեաները, բացայայտած է, որ Իսրայէլը գաղտնի կը համակարգէ ԱՄՆ-ի հետ Սուրիոյ մէջ իր հասցուցած օդային հարուածները:

Իրենց զրոյցի ընթացքին ամերիկացի պաշտօնեաները չեն յիշատակած «իսրայէլեան ռմբակոծութիւններու բազմաթիւ առաքելութիւնները, որոնց նպատակն է դադրեցնել Թեհրանի յառաջացած զէնքի մատակարարումը Լիբանանի մէջ Հըզպալլային եւ աշխատիլ Սուրիոյ մէջ իրանեան ազդեցութիւնը սահմանափակելու ուղղութեամբ», նշած է թերթը:

Այնուամենայնիւ, քուլիսներու ետին ամերիկացի պաշտօնեաները վերանայած են շարք մը իսրայէլեան առաքելութիւններ, որոնք իրականացուած են Իսրայէլի կողմէ մի քանի տարիներու ընթացքին, որպէսզի անոնց հաստատուին Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կողմէ, յատկապէս Փենթակոնի մէջ:

Ըստ թերթին` «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն է, որ հաւանութիւն կու տայ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան օդուժի հասցուցած հարուածներուն ճնշող մեծամասնութեան: Երբեմն ան Իսրայէլէն կը պահանջէ ճշգրտումներ կատարել»:

Պարբերականը նշած է, որ «կայ ամերիկեան լուռ աջակցութիւն իսրայէլացիներուն, որոնք կ'աշխատին հարուածել Իրանը Սուրիոյ մէջ», եւ ըսած է, որ «Իսրայէլը միշտ եղած է ԱՄՆ-ի ամենամօտ ռազմական դաշնակիցը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, սակայն Ուաշինկթընը երբեմնփորձած է նսեմացնել յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք կը բախին տարածաշրջանին մէջ արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն»:

Պարբերականը յաւելած է. «Նախապէս երկու կողմերուն միջեւ պաշտօնական համակարգման մասին տեղեկութիւն չէր հաղորդուեր, քանի որ Ուաշինկթընը կը ձգտէր աջակցիլ իր իսրայէլացի դաշնակիցին` առանց ներքաշուելու Իրանի դէմ Իսրայէլի ստուերային պատերազմին մէջ»:

Պարբերականը, վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնեային, կը մատնանշէ, որ «կայ ամերիկեան լուռ աջակցութիւն իսրայէլացիներուն, որոնք կ'աշխատին թուլցնել իրանցիներուն ջանքերը սուրիական շրջաններուն մէջ»: