image

ԱՄՆ–ի մէջ կրակած են Ատրպէյճանի դեսպանատան մեքենայի վրայ

ԱՄՆ–ի մէջ կրակած են Ատրպէյճանի դեսպանատան մեքենայի վրայ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ լոյս 11 հոկտեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ կրակած են Ատրպէյճանի դեսպանատան ծառայողական ինքնաշարժին վրայ։

Ատրպէյճանական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը միջադէպի մասին անմիջապէս տեղեկացուցած է ԱՄՆ համապատասխան գերատեսչութիւններուն եւ տրամադրած տեսախցիկի պատկերներ։

Նշուած է, որ միջադէպէն ետք ԱԳՆ կանչուած է Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ–ի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը։ Անոր հետ զրոյցի ժամանակ լուրջ մտահոգութիւն եւ դժգոհութիւն յայտնած են։

Պաշտօնական Պաքու ամերիկեան կողմէն պահանջած է միջոցներ ձեռնարկել Ատրպէյճանի դեսպանատան անվտանգութիւնն ապահովելու համար։