Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ հայկական եւ յունական կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերուն շնորհիւ, Քոնկրեսին մէջ սկսած է աճիլ Միացեալ Նահանգներու անվստահելի դաշնակից Թուրքիոյ «Էֆ.16» ռազմական օդանաւերու արդիականացումին աջակցելու՝ նախագահ Պայտընի վարչակազմին որոշումին նկատմամբ ընդդիմութիւնը։
Արդարեւ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոնի եւ Յոյն-ամերիկեան համախմբումի համաատենապետներ՝ Կաս Պիլիրաքիս ու Քերոլայն Մըլոնի, իրենց ձայները միացնելով յունական ծագում ունեցող քոնկրեսականներ՝ Քրիս Փափասի եւ Տինա Թայթըսի՝ կոչ ըրին քոնկրեսականներուն, որ «Էֆ.16»-երու արդիականացումը կասեցնելու նպատակով գրուած եւ նախագահ Պայտընին յղուելիք նամակին տակ ստորագրեն՝ իրենց ընդդիմութիւնը յայտնելով այդ նախաձեռնութեան։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ՝ Արամ Համբարեան ողջունած է այս քայլը՝ շեշտելով, որ Թուրքիա իր արդիականացուած ռազմական օդանաւերուն թիրախ կրնայ դարձնել շրջանի յոյները, կիպրացիները, քիւրտերն ու հայերը։