image

ԱՄՆ- էն կոչ Ատրէյճանին «Խաղաղութեան հասնիլ Հայաստանի հետ»

ԱՄՆ- էն կոչ Ատրէյճանին  «Խաղաղութեան հասնիլ Հայաստանի հետ»

Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ Ատրպէյճանի հետ շփումները, որ յորդորէ անոնց խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի հետ։

Այդ մասին դեկտեմբեր 5-ին կայացած ճեպազրոյցին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըրը, պատասխանելով հարցին՝ արդեօ՞ք արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընի այցը Պաքու կը նշանակէ, որ ամերիկեան վարչակազմը հրաժարած է իր նախկին յայտարարութենէն, թէ Ուաշինկթընը չի կրնար շարունակել երկկողմ յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ «պիզնես ինչպէս միշտ» («business as usual») սկզբունքով։

«Ոչ, բացարձակապէս ոչ: Մենք երբեք չենք յայտարարած, որ կը դադրեցնենք շփումները Ատրպէյճնի հետ։ Այդ կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն։ Այդ նաեւ կը հակասէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան շահերուն։ Մենք կը շարունակենք ուղղակի շփումներն ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի հետ, որ յստակեցնենք, օրինակ, Ատրպէյճանի պարագային, թէ ինչ մտահոգութիւններ ունինք: Մեզ կը մտահոգէ լրագրողները կալանաւորելու վերջին միտումները։ Մենք կը շարունակենք կոչ ընել անոնց յարգելու մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները: Մենք նաեւ կը շարունակենք անոնց հետ շփումները, որ յորդորենք անոնց տեւական խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի հետ, եւ մենք ատոր վրայ կը շարունակենք կեդրոնանալ մեր դիւանագիտական շփումներու ընթացքին»,-ըսած է Միլլըր։