Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինն Իսրայէլի իր գործընկեր Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Այս մասին ըսուած է Փենթակոնի մամուլի ծառայութեան երկուշաբթի օր տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Օսթին վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Իսրայէլի իրաւունքին՝ պաշտպանուելու Իրանէն, Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-էն, «Համաս»-էն, հուսիներէն եւ Իրանի կողմէ աջակցուող այլ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն»:
Օսթինը գործընկերոջ հետ քննարկած է «ռազմական գործողութիւններէն հրաժարելու» հեռանկարը՝ յօգուտ դիւանագիտութեան։
Յայտարարութեան համաձայն՝ Օսթինն ու Կալանթը քննարկած են «Իրանի համար լուրջ հետեւանքները» «Իսրայէլի դէմ ուղղակի ռազմական յարձակման» պարագային։
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլն այս գիշեր «սահմանափակ, տեղայնացուած» ցամաքային գործողութիւն սկսած է Լիբանանի հարաւին մէջ: