image

«Եթէ իրենք պիտի չկռուէին, մենք ինչու կռուինք ...» Պայտըն

«Եթէ իրենք պիտի չկռուէին, մենք ինչու կռուինք ...» Պայտըն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը, ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ, բացատրած է՝ ինչու որոշում կայացուցած է Աֆղանիստանէն զօրքերը դուրս բերելու մասին, յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի ծառայութիւնը:

«Ես միշտ ամերիկացի ժողովուրդին խոստացած եմ ազնիւ ըլլալ: Ճշմարտութիւնն այն է, որ սա տեղի ունեցաւ աւելի արագ, քան մենք կ'ենթադրէինք: Այսպիսով, ինչ տեղի ունեցաւ: Աֆղանիստանի քաղաքական առաջնորդները յանձնուեցան եւ լքեցին երկիրը: Աֆղանիստանի զինուորականները փլուզուեցան՝ չփորձելով կռուիլ: 

Ամերիկեան զօրքերը չեն կրնար եւ պէտք չէ կռուին եւ մահանան այն պատերազմին, որուն մէջ աֆղանական ուժերը չեն ուզեր պայքարիլ իրենց իսկ համար: 

Մենք ծախսած ենք աւելի քան թրիլիոն տոլար: Մենք վարժեցուցած եւ վերազինած ենք աֆղանական ռազմական ուժերը, որոնք բաղկացած էին մօտ 300 000 հոգիէ ՝ անհաւատալիօրէն լաւ սարքաւորուած, ուժերով աւելի մեծ, քան ՆԱԹՕ-ի մեր շատ դաշնակիցներու զինուած ուժերը: 

Մենք անոնց տուած ենք բոլոր անհրաժեշտ գործիքները: Մենք վճարած ենք անոնց աշխատավարձերը՝ տրամադրելով իրենց օդուժի սպասարկումը, որ թալեպները չունին: Թալեպները օդուժ չունին: Մենք տրամադրած ենք օդային աջակցութիւն: 

Մենք անոնց տուած ենք բոլոր հնարաւորութիւնները՝ որոշելու իրենց ապագան: Այն, ինչ մենք չէինք կրնար տրամադրել անոնց, այդ ապագայի համար պայքարելու կամքն էր: Սխալ է հրամայել ամերիկեան զօրքերուն միջամտել այն պարագային, երբ Աֆղանիստանի զինուած ուժերը այդ չէին ըներ:

Եթէ Աֆղանիստանի քաղաքական առաջնորդները, երբ դեռ նման իրավիճակ չկար, ի վիճակի չեղան համախմբուելու յանուն իրենց ժողովուրդի բարօրութեան, բանակցիլ իրենց երկրի ապագայի համար, անոնք այդ երբեք չէին ըներ, քանի դեռ ամերիկեան զօրքերը մնացած էին Աֆղանիստանի մէջ՝ կրելով կրակի հիմնական բեռը եւ պայքարելով անոնց համար»,-ըսած է Պայտըն: