image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ աջակցութեան նոր փաթեթ պիտի յատկացնէ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ աջակցութեան նոր փաթեթ պիտի յատկացնէ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ աջակցութեան նոր փաթեթ պիտի յատկացնէ։ Սպիտակ տան տուեալով՝ համապատասխան կարգադրութիւն ստորագրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը: 

«Արտաքին գործոց նախարարին կը լիազօրեմ Ուքրանիոյ մինչեւ 400 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրել՝ պաշտպանական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ռազմական ուսուցման եւ կրթութեան համար»,- ըսուած է Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ:

Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաք նշած է, որ փաթեթը կը ներառէ Patriot եւ NASAMS հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու համար նախատեսուած հրթիռներ, Stinger զենիթային հրթիռներ, HIMARS համակարգի եւ հրետանիի զինամթերք, Bradley զրահամեքենաներ եւ այլ զրահատեսակներ: