image

Ամերիկայէն առաջին արձագանգ Մոսկուայի բանակցութեանց մասին. «Մենք կը հաւատանք, որ լուծումը մօտ է»

Ամերիկայէն առաջին արձագանգ Մոսկուայի բանակցութեանց մասին. «Մենք կը հաւատանք,  որ լուծումը մօտ է»

Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը մեկնաբանած է 25 մայիսին Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումը՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ:

«Ինչպէս գիտէք՝ մենք անոնց չենք մասնակցած, սակայն կը շարունակենք մեզ համար այդ առաջնահերթութիւն համարել», - ըսած է Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր՝ յիշեցնելով մայիսի սկիզբին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումները, որոնց մասնակցած էին ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:

Միլլըրի խօսքով՝ ԱՄՆ կ'աջակցի բանակցութիւններու շարունակման:

«Ինչպէս արդէն ըսինք, մենք կը հաւատանք, որ համաձայնութիւնը հասանելի է, եւ մենք կը շարունակենք ճնշում գործադրել երկու կողմերուն վրայ՝ միասին աշխատելու՝ համաձայնութեան հասնելու այն հարցերու շուրջ, որոնք կը մնան չլուծուած», - աւելցուցած է Միլլըր:

Յիշեցնենք, որ Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմը։

«Քննարկուել են տարածաշրջանային տրանսպորտային (փոխադրային) եւ տնտեսական ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմանը վերաբերող հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել աշխատանքները շարունակել մէկ շաբաթից՝ երեք երկրների փոխվարչապետների հանդիպման շրջանակում»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: