Ամերիկացի գործիչներ Սամանթա Փաուըր եւ Եուրի Քիմ Երեւան ժամանեցին

Ամերիկացի գործիչներ Սամանթա Փաուըր եւ Եուրի Քիմ  Երեւան ժամանեցին

Այսօր Հայաստան ժամանած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըրը՝ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ քայլեր ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին բռնութիւններէն բխող մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ուղղութեամբ։  

Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատունէն:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Փաուըրի հետ Հայաստան ժամանած է Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմը։

Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանին մէջ արժանապատիւ ու տեւական խաղաղութիւն հաստատելու Հայաստանի ջանքերուն։

Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակի մասին հաղորդումներով եւ կոչ կ'ընէ անարգել մուտք ապահովելու միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ առեւտրական փոխադրումներու համար։