image

Ալմա Աթայի մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստը. Հայաստանը չի մասնակցիր

Ալմա Աթայի մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստը. Հայաստանը չի մասնակցիր

Մայիս 31-ին Ալմա Աթայի (Ղազախստան)  մէջ մեկնարկած է ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստը, որուն ՀՀ-ն չի մասնակցիր:

Այս մասին ըսած է Կազմակերպութեան քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Եուրի Շուվալովը։

«Հայաստանը չի մասնակցիր ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին, սակայն հայկական կողմը մեզի տեղեկացուցած է, որ դէմ չէ սահմանափակ ձեւաչափով որոշումներու ընդունման», -ըսած է Շուվալով։

Ան պարզաբանած է, որ սահմանափակ ձեւաչափ կը նշանակէ «առանց Հայաստանի մասնակցութեան»։

Աւելի վաղ վարչապետ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Երեւանի անդամակցութիւնը դաշինքին փաստացի սառեցուած է՝ չբացառելով, որ Հայաստանը կրնայ դուրս գալ դաշինքէն։

Ռազմական դաշինքին յետխորհրդային վեց երկիր կ՚անդամակցի՝ Հայաստանը, Ռուսիան, Պելառուսիան, Ղազախստանը, Ղրղզստանն ու Տաճիկստանը: