Պաքուն կ'ակնկալէ, որ Մոսկուան պիտի կատարէ Ղարաբաղի մասով եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերը, ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը:
«Ռուսաստանէն մեր ակնկալիքները Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կէտերու կատարումն են: Այս յայտարարութիւնը ստորագրած են երեք երկրի՝ Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի ղեկավարները: Այս կէտերուն մեծ մասը իրականացուած է, սակայն կան հարցեր, որոնք դեռ բաց կը մնան»,- յայտարարած է Ալիեւը թրքական CNN Turk հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ժամանակ:
Ան նշած է, որ Ռուսաստանը, որպէս Ատրպէյճանի հարեւան եւ Հայաստանի մերձաւոր դաշնակից, յատուկ դեր կը խաղայ տարածաշրջանին մէջ: «Մենք յոյս ունինք, որ անկէ ետք ալ Ռուսաստանը կը շարունակէ ջանքերը եւ քայլեր կը ձեռնարկէ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար»,-ըսած է Ալիեւը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանը «Ռուսաստանէն կ'ակնկալէ, որ չզինէ Հայաստանը»: «Հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը համակերպուած են նոր իրավիճակի եւ պարտութեան հետ: Հայաստանի մէջ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները այդ ցոյց տուին: Պատմութեան մէջ աննախադէպ իրադարձութիւն՝ երբ պարտուող ղեկավարութիւնը ստացաւ ժողովուրդի վստահութիւնը: Ուստի այս իրավիճակին մէջ Հայաստանը զինելը կը հակասէ որեւէ տրամաբանութեան: Մենք կ'ակնկալենք, որ Ռուսաստանը կը դադարի զինել Հայաստանը, սակայն դեռ այդ չենք տեսներ: Եղաւ քանի մը յայտարարութիւն, այդ շարքին՝ ռուսական կողմէն, երբ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը օրեր առաջ յայտարարեց, որ սկսած է Հայաստանին զէնքի մատակարարման գործընթացը»,- ըսած է Ալիեւը:
Ընդ որում, Ալիեւը յայտարարած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նոր նախարարը «մի քանի անպատասխանատու յայտարարութիւններ ըրած է», մասնաւորապէս, եթէ ատրպէյճանցի զինուորը հատէ Հայաստանի սահմանը, ապա անոնք կրակ պիտի բանան անոր վրայ: «Ըստ ամենայնի, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը անոնց համար դաս չդարձաւ: Եթէ այդպէս, ապա մենք պատրաստ ենք եւս դաս մը տալու: Ուստի մենք յոյս ունինք, որ Ռուսաստանը չի զիներ Հայաստանը: Ատոր կարիքը չկայ»,- ըսած է Ալիեւը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ