Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի չմեկնի Մոսկուա՝ Յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու համար: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը։
«Մենք հաղորդագրութիւն ստացած ենք, որ Ալիեւ պիտի չժամանէ, ցաւօք: Անոնք բացատրած են, որ ան պէտք է մասնակցի Հեյտար Ալիեւին նուիրուած ներքին միջոցառումներուն», -ըսած է ան լրագրող Ալեքսանտր Եունաշեւին։ Մայիս 10-ին Հեյտար Ալիեւի ծննդեան օրն է, որ մահացած է 2003 թուականին։
Չեղարկուած է նաեւ Լաոսի առաջնորդ Թոնկլուն Սիսուլիթի այցը Մոսկուա։ Ան միջոցառումներու պիտի չմասնակցի քորոնա ժահրի վարակի պատճառով։