Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աշխատանքային այցով մեկնած է Վրաստան:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած են ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները:
Այցի ընթացքին կը նախատեսուի Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպումը Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ։
Իլհամ Ալիեւ եւ Իրաքլի Ղարիբաշվիլին հանդիպման աւարտէն ետք հանդէս պիտի գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով: