Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր՝ 10 յունիսին, ժամանած է Անգարա՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հրաւէրով։
Այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդագրութեան մէջ։
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի քննարկեն այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ է ձեռնարկել համագործակցութեան հետագայ խորացման համար։
Միտքերու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային արդի խնդիրներու շուրջ։