image

Ալիեւ դարձեալ կը սպառնայ

Ալիեւ դարձեալ կը սպառնայ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական յարձակողական յայտարարութիւններ ըրած է Հայաստանի հասցէին։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ալիեւ, գտնուելով Լաչինի մէջ, «Հայաստանը զգուշացուցած է սադրանքներէ, այլապէս Ատրպէյճանը արժանի պատասխան կու տայ»։

«Այսօր Հայաստանը պէտք է լաւ մտածէ։ Ոչ ոք կրնայ մեզի հետ վերջնագրերով խօսիլ, եւ թող ոչ մէկուն վրայ յոյս դնեն։ Կրկին կ'ուզեմ ըսել, որ մեզի ոչ ոք եւ ոչինչ կրնայ կանգնեցնել։ Մենք օրէնքի, արդարութեան, միջազգային իրաւունքի կողմնակից ենք, մենք կը պաշտպանենք, պաշտպանած եւ վերականգնած ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը։ Մենք ամբողջ աշխարհին ցոյց տուինք, թէ ինչի ընդունակ ենք, ուժով ազատագրեցինք մեր հողը եւ հպարտ ենք ատով»,-ըսած է Ալիեւ։

Ատրպէյճանի նախագահը նշած է, որ «Հայաստանը խաղաղութիւն չուզեր եւ վրէժխնդրութեան տրամադրութիւններ ունի»։ Ան դժգոհած է, որ պաշտօնական Երեւանը գրեթէ մէկ տարի կը ձգձգէ սահմանի սահմանազատման գործընթացը, իսկ հիմա այն ընդամէնը ձեւական բնոյթ կը կրէ եւ ոչ մէկ էական բան, քարտէզներու մասին որեւէ քննարկում չկայ։

Ալիեւ յայտարարած է, որ ատրպէյճանական կողմը պատրաստած է 20-րդ դարու եւ նախորդ շրջանի քարտէզներ, եւ անոնց հիման վրայ պէտք է աշխատանքներ տարուին սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ։

«Եթէ Հայաստան կ՛ուզէ մեզ մեղադրել, թէ մենք իրենց տարածքը մտած ենք, այդ մէկը ոչ մէկ հիմնաւորում ունի: Նախ եւ առաջ, եթէ սահմանները ըլլային հոն, ուր իրենք կ՛ըսեն, սահմանային ճարտարապետական աշխատանքներ կը տարուէին: Անոնք կը կարծէին, թէ ամբողջ Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը իրենց պիտի մնայ: Այդ պատճառով ալ ոչ մէկ բան ըրած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը: