image

Ալիեւ դարձեալ կը խօսի նախապայմանի մասին

Ալիեւ դարձեալ կը խօսի նախապայմանի մասին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւեալ Ակնա (Աղտամ) այցելութեան ժամանակ յայտարարած է, որ պատրաստ է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, եթէ Երեւանը ճանչնայ իր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը: 

«Ի հարկէ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պէտք է կնքուի խաղաղութեան պայմանագիր: Այդ համաձայնագիրը պէտք է ստորագրուի միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ սկզբունքներու հիման վրայ` միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու պայմանով», յայտնած է ան: 

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, թէ ճանչնան Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն կը կարծեն, որ Արցախի հիմնախնդիրը տարածքային վէճ չ'ենթադրեր ու պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին ներքոյ ընթացող բանակցութիւններու միջոցով: