Օրերս Գանատայի հայահոծ Թորոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին նահատուած հերոսներու հոգիին համար հոգեհանգստեան կարգ։
Եղելութեան մասին իմացանք «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնէն։
Ստորեւ՝ լրատւութիւնը.
Կիրակի, 5 Հոկտ. 2025-ին, յաւարտ Ս. Պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան ի հանգիստ: Աւարտին, Գ.Ե.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խումբերու մասնակցութեամբ, Սարկաւագաց եւ եկեղեցականաց կազմերով Ծաղկեմատոյց եւ աղօթք կատարուեցաւ, Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ զետեղուած Նահատակաց յուշարձանին առջեւ: Գերապատիւ Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի պատգամով եւ Գ.Ե.Մ.-ականներու հայրենասիրական երգերով վերջ գտաւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը:
