image

«Ահաւոր է Աստուած ի՜մ».Հալէպահայ տղամարդը իր ընկերոջ (Տեսանիւթ)

  «Ահաւոր է Աստուած ի՜մ».Հալէպահայ տղամարդը իր ընկերոջ (Տեսանիւթ)

Համացանցի մէջ յայտնուած է Հալէպահայ տղամարդու մը նկարած կարճ տեսանիւթը, ուր ան կը փորձէ իր ընկերոջ ներկայացնել քաղաքին ու յատկապէս անոր բնակարանին շուրջ տիրող դրութիւնը։

 «Ահաւոր է Աստուած ի՜մ», կ՚ըսէ Արա Կիւմրիւքեան նշելով, որ միայն վերջերս կարողացած է հասնիլ իր ընկերոջ բնակարանի հատուածը, որ ծանր վնասներու ենթարկուած է աղէտալի երկրաշարժին պատճառով։ 

 

Իրօք որ Հալէպը կ՚ապրի ծանր պահեր ու տխուր է նաեւ, որ հալէպահայերէն շատեր, որոնք հեռացած են իրենց ծննդավայրէն  տակաւին Հալէպի մէջ ունին տուներ եւ խանութներ։

Զգացական զեղումներէ հեռու մնալով հանդերձ Սուրիան վիրաւոր երկիր դարձուցած աղէտալի պատերազմին վրայ եկաւ աւելնելու այս ահաւոր երկրաշարժը, որ նոր տխուր էջ մը բացաւ հալէպահայոց տարեգրութեան մէջ։

Բառեր չունենք։