image

ԱԳՆ-էն հրաժարած են հանդիպիլ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ներկայացուցիչներու հետ

ԱԳՆ-էն հրաժարած են հանդիպիլ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ներկայացուցիչներու հետ

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս չեն կրնար ընդունիլ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ներկայացուցիչները։ Տեղեկութիւնը հաւաքուածներուն հաղորդած է ոստիկանութեան ներկայացուցիչը։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտ կոչ ըրած է նախարար Արարատ Միրզոյեանին իջնելու վար եւ ժողովուրդի առջեւ պատասխանելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի` վերջին օրերուն հնչեցուցած յայտարարութիւններուն։

Ոստիկանութեան ներկայացուցիչի հաղորդած տեղեկութիւնը լսելէ ետք Բագրատ սրբազանը հաւաքի մասնակիցներու մէկ մասին յորդորեց երթալ եւ հսկել ԱԳՆ–ի շէնքի միւս մուտքը՝ թոյլ չտալու համար, որ նախարարը դուրս գայ շէնքէն։

Նշենք, որ նախարարութեան շէնքի մօտ մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր կան։ Նաեւ կարմիրպերեթաւորներ բերուած են։