Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը բաւարարած է ՅՔԾ քննիչի միջնորդութիւնը ու ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ, ՔԿ նախկին նախագահ Աղուան Յովսէփեանը կալանաւորելու որոշում կայացուցած։ Այս մասին «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է փաստաբան Սասուն Ռաֆայէլեանը` նշելով, որ դատարանի որոշումն ստանալէ ետք, պիտի ներկայացուի վերաքննիչ բողոք:
Աղուան Յովսէփեանը ձերբակալուած է 7 Սեպտեմբերի առաւօտեան՝ 1,5 տարի առաջ յարուցուած քրէական գործի շրջանակէն ներս:
Ըստ Յատուկ Քննչական ծառայութեան՝ 68-ամեայ Յովսէփեանը, որ 2004-էն մինչեւ 2018 թուականներու ընթացքին զբաղցուցած է նախ գլխաւոր դատախազի, ապա Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնները, օրինականացուցած է աւելի քան 1 միլիառ 300 միլիոն դրամ, մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնող շարք մը ընկերութիւններու կառավարման, ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով` 190 միլիոն դրամ կաշառք եւ խարդախութեամբ յափշտակած է 800 միլիոն դրամ գոյք։ Յովսէփեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ ՔՕ 310-րդ յօդուածով, 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 178-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ 190-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով (3 դրուագ):