image

Աղաւնոն շուտով կը հոսանքազրկուի, բեռնափոխադրողներն ալ մեծ գումար կ'ուզեն. գիւղապետ

Աղաւնոն շուտով կը հոսանքազրկուի, բեռնափոխադրողներն ալ մեծ գումար կ'ուզեն. գիւղապետ

Արցախի Աղաւնօ գիւղի բնակիչները կը պատրաստուին լքելու իրենց տուները, բայց դեռ անորոշ վիճակ է, անոնք չեն գիտեր, թէ ինչպէս պիտի դասաւորուի իրենց ապագան։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանը։

Անոր խօսքով՝ գիւղը շուտով պիտի հոսանքազրկուի, պիտի անջատեն նաեւ հեռախօսային կապերը։ Աղաւնոյի մէջ ներկայիս կ'ապրի մօտ 200 մարդ, այդ շարքին՝ աւելի քան 70 երեխայ։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ երեք բնակավայրերու՝ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի բնակիչները ստիպուած են լքել իրենց տուները մինչեւ 25 օգոստոսը։

Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն՝ տարածքները պէտք է յանձնուին Ատրպէյճանին, թէեւ պաշտօնապէս ըսուած է, որ բնակիչները պիտի տարհանուին «քաղաքացիական պաշտպանութեան միջոցառումներու շրջածիրէն ներս»։ Այս բնակավայրերը յարակից են Լաչինի միջանցքին, որ շուտով պիտի անցնի Պաքուի վերահսկողութեան տակ։

Չաւուշեանն ըսած է, որ գիւղացիները որոշակի դժուարութիւններու կը հանդիպին, կարիք ունին կենցաղային, անձնական իրերու տեղափոխման, իսկ բեռնափոխադրողները մեծ գումար կ'ուզեն՝ օգտուելով մեծ պահանջարկէն։ Յատկապէս դժուար կ'ըլլայ անոնց համար, որոնք որոշած են տեղափոխուիլ Երեւան, քանի որ հեռաւորութիւնը մեծ է, եւ փոխադրութիւնը աւելի թանկ կ'արժէ։ Գիւղացիները հիմնական մտադիր են տեղափոխուիլ ՀՀ Սիւնիքի մարզ եւ Երեւան, մօտ 7-8 ընտանիք ալ կ'ուզէ բնակութիւն հաստատել Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ, սակայն մինչ այժմ վերջնական որոշում չկայ։

Կատարուածի մէջ ան կը տեսնէ պետութեան պատասխանատւութիւնը, որ պարտաւոր էր բանակ ունենալ, պաշտպանել մարդոց, բայց չըրաւ։

Չաւուշեան նաեւ ըսած է, որ մինչեւ Աղաւնոն լքելը տեղի եկեղեցւոյ խաչքարերը պիտի հանուին, քանի որ բնակիչները մտավախութիւն ունին, որ ատրպէյճանցիները կը պղծեն:

Բերձոր, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս համայնքներու կոթողները պիտի տարհանուին Արցախ, որոշները` Հայաստան: