ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայողները (ԱԱԾ) ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան «Զուարթնոց» օդակայանի գծային բաժնէն ձեռնաշղթայուած ԱԱԾ տեղափոխած են 2 բարձրաստիճան ոստիկանի։ Եւս 1 բարձրաստիճան ոստիկանի տեղափոխած են «Զուարթնոց» օդակայանի մաքսակէտէն։
ArmLur.am-ի տեղեկութիւններով` անոնցմէ մէկը «Զուարթնոց» օդակայանի գծային բաժնի պետ Սերգէյ Մանուկեանն է, միւսը անոր տեղակալը, իսկ երրորդը` մաքսայինի աշխատակից։ Վերջինս, ըստ կայքի, Պաշտպանութեան նախարարութեան զօրավարի որդի է։
Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն այս լուրը չեն մեկնաբանած` յորդորելով հետեւիլ պաշտօնական տեղեկատւութեան։