image

7 տարուան բացակայութիւնէ ետք Քաթարի էմիրը Գահիրէի մէջ. Ինչի՞ շուրջ էին քննարկումները

7 տարուան բացակայութիւնէ ետք  Քաթարի էմիրը Գահիրէի մէջ. Ինչի՞ շուրջ էին քննարկումները

Այցը նպատակ ունի լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական համաձայնագրեր ստորագրել եւ քաջալերել քաթարական ներդրումները Եգիպտոսի մէջ, յատկապէս ուժանիւթային ոլորտին մէջ:

 

Եգիպտոսի նախագահութիւնը յայտարարած է, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին երկօրեայ այցով Գահիրէի մէջ ընդունած է Քաթարի էմիր Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիին:

Եգիպտոսի նախագահի պաշտօնական խօսնակը յայտարարած է, որ այցը կը նախատեսուի ներառել երկու ղեկավարներուն միջեւ երկկողմանի բանակցութիւններ` անդրադառնալու երկու երկիրներուն միջեւ ընդհանուր երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ տարբեր ոլորտներու մէջ զանոնք ընդլայնելու ուղիներուն, ինչպէս նաեւ քննարկելու ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային քաղաքական հարցերու զարգացումները:

Սա Քաթարի էմիրին առաջին այցն է Գահիրէ, իսկ 7 տարուան ընթացքին առաջինը Եգիպտոս` 2015 թուականին անոր վերջին այցէն յետոյ Շարմ Ա Շէյխ` մասնակցելու խաղաղութեան քաղաքին մէջ կայացած Արաբական գագաթաժողովին:

Աղբիւրը կը նշէ, որ այցը նպատակ ունի լիովին կարգաւորել յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական համաձայնագրեր ստորագրել եւ քաջալերել քաթարական ներդրումները Եգիպտոսի մէջ, յատկապէս ուժանիւթային ոլորտին մէջ:

Ըստ աղբիւրին, պիտի սկսի եգիպտա-քաթարական համատեղ գործարար խորհուրդը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ գործարարներէ, որոնք պիտի աշխատին ամրապնդել տնտեսական յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներուն միջեւ ներդրումներու եւ առեւտուրի ոլորտները:

Անցնող ամիսներուն ընթացքին եգիպտա-քաթարական յարաբերութիւնները բազմաթիւ զարգացումներու ականատես եղած են` անցեալ տարի Սէուտական Արաբիոյ մէջ «Ալ Ուլա» գագաթաժողովի յայտարարութեան ստորագրութենէն յետոյ:

Քաթարի էմիր Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի այցը տեղի ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սալմանի մի քանի օր առաջ Գահիրէ կատարած այցէն յետոյ: