image

63-ամեայ քաղաքացին տանիքէն վար ինկած է ....

63-ամեայ քաղաքացին տանիքէն վար ինկած է ....
5 Օգոստոսին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ 
 
Ինչպէս կը յայտնէ Shamshyan.com-ը, ժամը 14։40-ի սահմաններուն թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց  բուժօգնութեան տեղափոխուած է տղամարդ մը, որ, գիտակցութեան չգալով, մահացած է։
 
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացողը Երեւանի բնակիչ՝ 63-ամեայ Արտաշես Գալստեանն էր, որ նոյն օրը, ժամը 14։00-ի սահմաններուն Լէոյի փողոցի 54 հասցէին վրայ իրականացուող շինարարական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ տանիքէն անզգուշաբար վար ինկած է։
 
Փաստի առթիւ քննչական բաժնէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուուին, քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն։
 
Ֆոթոլրագրողի տեղեկութիւններով՝ մահացածը կ'աշխատէր «Արարատ» ՍՊԸ-ի մէջ՝ որպես եռակցող։