12 դեկտեմբերի 2022-էն Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի 506 քաղաքացիներ զրկուած են իրենց տուն վերադառնալու իրաւունքէն։ Թուային տուեալները հրապարակուած են ՀՀ կառավարութեան կայքին մէջ, արցախցիներու կեցութեան ծախսերը փոխհատուցելու մասին որոշման նախագծին մէջ։
Նախագծի համաձայն՝ Հայաստան մնացած 506 արցախցիներու կեցութիւնն ու սնունդը կազմակերպելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը այսօր որոշեց Երեւանի քաղաքապետարանին յատկացնել 18 650 000 դրամ, Սիւնիքի մարզպետարանին՝ 96 200 900։
2022–ի դեկտեմբեր 12-էն Արցախի քաղաքացիները չեն կրնար Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ մեկնիլ եւ ստիպուած դիմած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օպերատիւ շտաբներ, ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական (ընկերային) հարցերու նախարարութեան միասնական ընկերային ծառայութեան գրասենեականեր`կեցութեան խնդրով։
Պետական կառոյցներու միջամտութեամբ անոնք տեղաւորուած են Երեւանի ու Սիւնիքի մարզի տարբեր հիւրանոցներուն մէջ։
ՀՀ կառավարութեան տուեալներով՝ Երեւանի 3 հիւրանոցի մէջ ներկայ պահուն կը բնակի 100, իսկ Գորիսի 14 հիւրանոցներու մէջ` 406 քաղաքացի։
Հիւրանոցներու մատուցած ծառայութիւններու արժէքը մինչեւ 9 յունուարը կազմած է 142 011 500 դրամ, որմէ Սիւնիքի մարզպետարանի կողմէ վճարուած է 27 160 600–ը` 9 387 600–ը ՀՀ պետական պիւտճէէն, 17 773 000 դրամը՝ Սիւնիքի մարզի զարգացման եւ ներդրման հիմնադրամի միջոցներէն:
Հիւրանոցներուն վճարման ենթակայ մնացորդային գումարը 9 յունուարի դրութեամբ կը կազմէ 114 850 900 ՀՀ դրամ: