image

« 3+3»-ի մասին յայտարարութիւն Իրանէն

« 3+3»-ի մասին յայտարարութիւն Իրանէն

Իրանը կ'աջակցի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Այդ մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ ներկայացուցիչ Նասիր Քենանին:

Ան կարեւորած է «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը եւ աւելցուցած, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է՝ Թեհրանի մէջ ձեւաչափի երկրորդ նիստն  իրականացնելու վերաբերեալ:

«Հարցերը, որոնք այդ ձեւաչափի շրջածիրէն ներս պիտի քննարկուին նիստին, կը ճշդուին, եւ այդ մէկը ժամանակ կը պահանջէ»,- ընդգծած է ան: