image

2025ի Տիպար ՀՄԸՄականը՝ Վազգէն Գալայճեան

2025ի Տիպար ՀՄԸՄականը՝ Վազգէն Գալայճեան

ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 2025ի տիպար ՀՄԸՄականը ընտրուած է 73-ամեայ Վազգէն Գալայճեան, որ իր կեանքին ընթացքին շարունակաբար նուիրուած է ՀՄԸՄին։ ՀՄԸՄի հետ անոր կապերը հաստատուած են Լիբանանի մէջ եւ 1976էն ի վեր կը շարունակուին Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ շրջանիս 2025ի տիպար ՀՄԸՄականը ընտրուած է Վազգէն Գալայճեան, որ իր կեանքին ընթացքին շարունակաբար նուիրուած է ՀՄԸՄին եւ յատկանշական ներդրում ունեցած է համայնքիս բարգաւաճման ջանքերուն մէջ։

ՀՄԸՄի սիւներէն մէկը հանդիսացող 73ամեայ Գալայճեան մարմնաւորումը կը հանդիսանայ կազմակերպութեան «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին։ ՀՄԸՄի հետ անոր կապերը հաստատուած են Լիբանանի մէջ եւ 1976էն ի վեր կը շարունակուին Միացեալ Նահանգներու մէջ։

«ՀՄԸՄը ծիներուս մէջ է եւ ընտանիքիս կապը ՀՄԸՄի հետ գրեթէ հարիւրամեայ պատմութիւն ունի, որովհետեւ հայրս ՀՄԸՄի Լիբանանի առաջին ֆութպոլի խումբին մաս կազմած է», կը յայտնէ Գալայճեան, որ տարիներու ընթացքին շարք մը պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է՝ ըլլալով վարչութեան անդամ, քարտուղար եւ խորհրդատու։ Ան ներկայիս քարտուղարն է Ինլընտ Էմփայըրի ՀՄԸՄի «Արազ» մասնաճիւղին։

Լիբանան ապրած օրերէն ի վեր, Գայալճեան նուիրուած է երիտասարդ ՀՄԸՄականները դաստիարակելու եւ համայնքին ապագայ ղեկավարները պատրաստելու գործին։ «Երիտասարդ մարզիչը մարզական գիտութենէն աւելին պէտք է փոխանցէ, մարզիկներուն մէջ արմատաւորելու համար ՀՄԸՄի արժէքները, որպէսզի անոնք դառնան ազդու եւ կարող ղեկավարներ», կը բացատրէ Գալայճեան՝ աւելցնելով, որ ՀՄԸՄի մօտ մարզանքը սորվեցնելու եւ սորվելու, ինչպէս նաեւ մրցակցութեան ոգին  եւ համայնքին հետ կապը զօրացնելու միջոց է։

Ծառայելու իր գաղափարաբանութեան մասին խօսելով՝ ան կը յայտնէ, թէ ինք աւանդապաշտ մըն է եւ կը հաւատայ, թէ պէտք է սպասարկել առանց որեւէ ակնկալութեան՝ աւելցնելով, որ իրեն համար պատիւ է Տիպար ՀՄԸՄականի տիտղոսը, սակայն առանց անոր իսկ պիտի շարունակէր սպասարկել ՀՄԸՄի բարգաւաճման ջանքերուն։

Անցեալի յուշերէն պատմելով՝ ան կը յայտնէ, թէ Լիբանանի մէջ ՀՄԸՄի խումբերը կը խաղային տարբեր կրօնքներէ եւ ցեղերէ բաղկացած խումբերու դէմ եւ որեւէ յաղթանակ, յաղթանակ մը կը նկատուէր ամբողջ ՀՄԸՄին եւ հայութեան համար՝ աւելցնելով, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ մրցումները միջմասնաճիւղային են, նպատակ ունենալով հզօրացնել ՀՄԸՄի միասնականութեան ոգին։

Վազգէն Գալայճեանը 2025ի Տիպար ՀՄԸՄականը հռչակելու քայլը ոչ միայն անոր տասնամեակներու սպասարկութիւններուն մեծարումն է, այլ նաեւ առիթ մըն է լուսարձակի տակ առնելու ՀՄԸՄի կենսական դերակատարութիւնը հայ երիտասարդը լաւապէս թրծելու եւ հայ մշակոյթը պահպանելու աշխատանքին մէջ։

«Վերջաւորութեան, ՀՄԸՄն է միշտ յաղթական։ Տեսէ՛ք ինչեր կերտած են Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ պէտք է ընդունիլ, որ արտակարգ աճ արձանագրած ենք եւ պատրաստ եմ շարունակելու այս առաքելութեան մէջ, իմ եղբայրներուս եւ քոյրերուս հետ», կ՛եզրակացնէ Գալայճեան:

Վազգէն Գալայճեանը պատուելու եւ ՀՄԸՄի հարուստ ժառանգութիւնը միասնաբար տօնելու համար, կարելի է մասնակցիլ Նաւասարդեան 48րդ մարզախաղերու «Յաղթանակի պարահանդէս»ին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 Յունիսին, Century Plaza պանդոկի սրահին մէջ։ Նաւասարդեան 48րդ մարզախաղերուն փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 3էն 6 Յուլիսին, Պըրմինկհեմ վարժարանին մէջ։