Նախնական գնահատականներով` հարկապիւտճէտային քաղաքականութեան կարեւոր ցուցանիշները այս տարուայ ընթացքին կ'արձանագրեն 2022 թուականի պիւտճէով սահմանուած թիրախային ցուցանիշներու առաջանցիկ բարելաւում, մասնաւորապէս, կառավարութեան պարտքը ՀՆԱ-ի նկատմամբ պիտի նուազի աւելի արագ, քան նախատեսուած է ու պիտի չգերազանցէ ՀՆԱ-ի 60 տոկոսը` սահմանուած 60,2 տոկոսի փոխարէն:
Հարկային եկամուտները, ըստ ելեւմուտքի նախարարին, պիտի գերազանցեն ՀՆԱ-ի նկատմամբ 23,4 տոկոսը. այս տարուայ համար սահմանուած թիրախն է: Պետական պիւտճէի ծախսերու ֆինանսաւորումը աւելի մեծ չափով պիտի իրականացուի սեփական եկամուտներու հաշուին ու աւելի քիչ պիտի ֆինանսաւորուի փոխառու միջոցներով, ինչի արդիւնքով պետական պիւտճէի բացը ՀՆԱ-ի նկատմամբ պիտի չգերազանցէ 3 տոկոսը: Կառավարութեան այսօրուայ նիստին այս տուեալները ներկայացուցած է ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Խաչատրեանը: Նախարարին գնահատմամբ սահմանուած թիրախէն բարձր է գնաճը, «ինչն առաւելապէս պայմանաւորուած է միջազգային շուկաներում հիմնական ապրանքների ու ծառայութիւնների գների զգալի բարձրացմամբ»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ կը նախատեսեն 2023 թուականի Յունուար 1-էն կենսաթոշակներու բարձրացում: Պիտի բարձրանայ նուազագոյն աշխատավարձի չափը` 68 հազար դրամէն պիտի դառնայ 75 հազար դրամ: