200.000 Իսրայէլացիներ փողոց իջած են կառավարութեան հրաժարականի պահանջով

200.000 Իսրայէլացիներ փողոց իջած են կառավարութեան  հրաժարականի պահանջով

Տասնեակ հազարաւոր իսրայէլցիներ հաւաքուած են Թէլ Աւիւի մէջ՝ ընդդէմ կառավարութեան նախաձեռնած վիճելի դատական բարեփոխումներու. յատկանշական է, որ զանգուածային ցոյցերու ֆոնին Իսրայէլի  պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթ կոչ ըրած է իշխող դաշինքին դադրեցնելու երկրին մէջ դատաիրաւական փոփոխութիւններու գործընթացը, քանի որ այն «պառակտում» կ'առաջացնէ։ Այս մասին գրած է բրիտանական The Guardian պարբերականը։

Շաբաթ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտարած է, որ «իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն օրէնսդրական գործընթացը» մէկ ամսով՝ հաշուի առնելով փոփոխութիւններու վերաբերեալ հասարակութեան մէջ ստեղծուած պառակտումը։

«Աճող ընկերային ճեղքուածքը իր ճանապարհը բացած է դէպի [բանակ] եւ անվտանգութեան մարմիններ: Սա պարզ, անմիջական եւ շօշափելի սպառնալիք է Իսրայէլի անվտանգութեան համար»,-ըսած է Կալանթ, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութեան անդամ է:

Նախարարի յայտարարութիւնը ողջունած է ընդդիմութեան ղեկավարը:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու՝ Թէլ Աւիւի մէջ բողոքի ցոյցերուն շաբաթ օր մասնակցած է մօտ 200 000 մարդ:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի մէջ զանգուածային ցոյցերը սկիզբ առած են յունուարին, երբ իշխող դաշինքը յայտարարած է իր փոփոխութիւններու փաթեթը, որ, ըստ կառավարութեան, անհրաժեշտ է օրէնսդիրներու եւ դատական համակարգի միջեւ լիազօրութիւնները վերահաւասարակշռելու համար: Այս փոփոխութեան դէմ պայքարողները կը պնդեն, որ այս կերպ իշխանութիւնը կը փորձէ սահմանափակել դատական իշխանութեան գործունէութիւնը։