image

20-ամեայ Արիս Քէշիշեան դաշունահարուած ու մահացած

20-ամեայ Արիս Քէշիշեան  դաշունահարուած ու մահացած

Միացեալ Նահանգներու Թէքսաս նահանգի Սէն Մարքոս  քաղաքին մէջ օրերս  յարձակման ենթարկուած է   հայ երիտասարդ՝ Արիս  Քէշիշեանը։

Այս մասին  «Արեւելք» իմացաւ Միացեալ Նահանգներու իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրին համաձայն Արիսը  դաշունահարած  մեղադրեալը արդէն  իսկ ձերբակալուած է եւ կը գտնուի  քննութեան տակ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեպաշտ  անդամներէն  համարուող  Հէնրի  եւ   Գայիանէ  Քէշիշեաններու ընտանեկան յարկին  տակ իր  աչքերը  բացած Արիս    ստացած էր հայեցի դաստիարակութիւն     կապուած էր իր ընտանիքին, ունենալով ազգային  բարձր  գիտակցութիւն։