Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով յայտնած է, որ Մարիուփոլի մէջ «Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հազարէն աւելի ծովային հետեւակայիններ» յանձնուած են, անոնց մէջ կան «հարիւրաւոր վիրաւորներ»:
«Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հազարէն աւելի ծովային հետեւակայիններ այսօր յանձնուած են Մարիուփոլի մէջ: Անոնց շարքին կան հարիւրաւոր վիրաւորներ: Սա ճիշդ ընտրութիւն է», գրած է ան Թելեկրամով:
Քատիրովի խօսքով` ուքրանական խմբաւորումները ամէն օր մէկը միւսին ետեւէն կը ջարդուին: Չեչնիոյ ղեկավարը նշած է, որ Ուքրանիոյ զինուորները «չեն գիտեր` ինչ ընել վիրաւորներու հետ, չեն հասկնար` ինչ ընել եւ ուր դիմել, քանի որ դիմադրութիւնը անօգուտ է, իսկ մարտական ուժեր գրեթէ չեն մնացած»: Աշխոյժ են միայն առանձին փոքր խումբերը, յաւելած է Քատիրով: