image

10 Բուժառու Արցախէն՝ Հայաստան

10 Բուժառու  Արցախէն՝ Հայաստան

8 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն 10 բուժառուներ ուղեկցողներու հետ միասին, անյետաձգելի մասնագիտացուած բժշկական օգնութիւն ստանալու համար, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

Ինչպէս յայտնած են ԱՀ առողջապահութեան նախարարութենէն, կը նախատեսուի օրուան ընթացքին ԿԽՄԿ ինքնաշարժներով Արցախ վերադարձնել 3 բուժառուներ՝ ուղեկցողներու հետ միասին, որոնք ժամանակին պետական պատուէրի ծիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար։

«Արեւիկ» բժշկական միաւորումին մէջ այս պահուն բուժում կը ստանայ 24 երեխայ, 5-ը կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-ի մէջ բուժում կը ստանայ 92 հիւանդ, 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։