Սուրիա- («Ալ-Հայաթ»-Լոնտոն)-Իրանեան յեղափոխական պահակախումբի «Երուսաղէմ» ջոկատի հրամանատար՝ Քասէմ Սուլայմանի վիրաւորուած է Սուրիոյ հիսիւսը ընթացող մարտերուն ընթացքին: Թերթին համաձայն Սըլայմանի վիրաւորուած է օրեր առաջ Հալէպի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ալ-Իիս գիւղակին մէջ կռուող խմբակներու դէմ հակահարուած յարձակման ժամանակ:Երեք օրերէ ի վեր կռուող խմբակները յարձակումներ կը կատարեն, ետ մղելու համար սուրիական բանակի ուժերը Հալէպի հարաւային արուարձանը գտնուող կարգ մը շրջաններէն, որոնք բանակին ձեռքը անցած էին 17 Հոկտեմբերին կատարուած ցամաքային յարձակման արդիւնքով, Իրանցի կռուողներու եւ լիբանանեան «Հըզպալլա»ի օգնութեամբ, եւ ռուսական օդուժի աջակցութեամբ:Իր կարգին իրանեան բանակի պատասխանատուներէն Զօր. Շարաֆ, փոխանցեց, որ Սըլայմանին առողջ է եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ ըստ ամերիկացի պատասխանատուի մը մօտաւորապէս 2000 իրանցի կռուողներ կը մասնակցին սուրիական բանակին կողմէ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ մղած մարտերուն: