Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը յայտարարած է, որ երկրին մէջ ռուսաստանեան «Սփութնիք V»-ն կը համարեն անվտանգ պատուաստանիւթ: Այդ մասին հաղորդած է Bloomberg գործակալութիւնը, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը:
«Մենք ռուսաստանեան պատուաստանիւթը կը համարենք արդիւնաւէտ եւ անվտանգ»,-յայտարարած է Միցոթաքիսը՝ ելոյթ ունենալով առցանց հանդիպման ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Financial Times հրատարակութեան կողմէ:
Վարչապետը նշած է զբօսաշրջութեան նշանակութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու համար:
«Ռուսաստանը շատ կարեւոր շուկայ է Յունաստանի զբօսաշրջային ճիւղի համար»,-յայտարարած է ան:
Աւելի վաղ Та Неа թերթը հաղորդած Էր, որ Յունաստանը մտադիր Է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրել, կը քննարկուին Moderna-ն եւ «Սփութնիք V»-ն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ