image
Հրատապ լուրեր:

Յարգանքի Տուրք՝ ԱՍԱԼԱ-ի Զոհուած Մարտիկներուն

Յարգանքի Տուրք՝ ԱՍԱԼԱ-ի Զոհուած Մարտիկներուն

Այսօր,  Չորեքշաբթի, Յունուար 20-ին, ժամը 15:00-ին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ԱՍԱԼԱ) հիմնադրման 41-ամեակի առիթիւ, Երեւանի Եռաբլուր պանթէոնին մէջ, ԱՍԱԼԱ-ի զոհուած մարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մօտ, Տ. Ոսկան Արք. Գալփակեանի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ:

 

 

Ներկաները իրենց  յարգանքի տուրքը պիտի մատուցեն ԱՍԱԼԱ-ի ազատամարտիկներուն, որոնք «Վասն հայութեան ու վասն հայրենեաց» կարգախօսով չխնայեցին իրենց երիտասարդ կեանքը ՝յանուն հայրենիքի ազատագրման: