Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս) Զինեալ յարձակում մը գրանցուած է «Հիւրրիյէթ» պարբերականի Անգարայի գրասենեակին վրայ: Այս մասին գրող «Թուտէյզ Զաման»ը նաեւ կը յաւելէ, թէ չորս զինեալներ կրակ բացած են թերթի խմբագրատան շէնքին ուղղութեամբ: Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ շէնքի կարգ մը ապակիները փշրուած են: Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ թերթի խմբագրատուները գրոհի կ'ենթարկուին: