Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կեդրոնը (SOHR), վկայակոչելով իր վստահելի աղբիւրները, կը յայտնէ, որ թրքամէտ սուրիացի զինեալներուն մէջ կը շարունակուին կորուստներ գրանցուիլ Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական ուժերու կողմէն կռուելով:
Ինչպէս կը հաղորդեն կեդրոնէն, հայերու դէմ կռիւին, վերջին քանի մը ժամուայ ընթացքին 14 սուրիացի վարձկան սպաննուած է: Կեդրոնի աղբիւրի տուեալներով՝ մահացած սուրիացիներէն 20 նոր մարմին թուրքերը տեղափոխած են Հալէպ:
Ընդհանուր առմամբ, թրքամէտ սուրիական խմբաւորումներու զինեալներուն մէջ, որոնց թրքական կառավարութիւնը սեպտեմբերի վերջէն կ'ուղարկէ առաջնագիծ, մահուան դէպքերը հասած են առնուազն 231-ի, որոնցմէ 183-ի մարմինը տեղափոխուած է Սուրիա: Մինչդեռ մարմիններու միւս մասը կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճան: