image

Վահէ Պէրպէրեանի Խորհուրդները` 2016 Տարուան Համար

Վահէ Պէրպէրեանի  Խորհուրդները`  2016 Տարուան  Համար

 ԱՄՆ հաստատուած       գրող  Վահէ Պէրպէրեան  իր Ֆէյսպուքեան  էջին  գրառում մը կատարելով ներկայացուցած  է    2016 տարուան համար  իր համար առաջնահերթութիւն եղող  «տասնաբանեայ» մը:   Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ «տասնաբանեայ»  ծրագիրը:

 

 1- Անընդհատ կարդալ. կարդալ բոլոր տեսակի գիրքեր, սակայն երբեք չդադրեցնելով կարդալ  գեղարուեստականը: Լաւ գեղարուեստականը կ'ընդլայնէ միտքը եւ կը հարստացնէ երեւակայութիւնը:

2-Երբեք չդադրեցնել հարցեր տալը (հարցադրումներ ընելը) եւ երբեք վախ չունենալ կասկածելէն: Հեռու մնալ այն մարդոցմէ, որոնք ամէն ինչին մէջ վստահ են:

3- Սիրած  մարդոց  առանց վարանելու յայտնել    զիրենք սիրելուդ  մասին:

4-Հաւատալ,  երբ մարդիկ ըսեն, որ կը սիրեն ձեզ, այլապէս դժբախտ պիտի ըլլաս:

5-Օգտագործել հնարաւորութիւնները: Չվախնալ նորէն եւ չընդունուածէն (անծանօթէն):

6-Միշտ սեղանէն հեռանալ քիչ մը անօթի. դուն աւելի պակաս սնունդի պէտք ունիս, քան կը կարծես:

7-Երբեմն աւելի լաւ է քաղաքավար ըլլալ, քան ապացուցել, որ դուն իրաւացի ես:

8-Յիշել, որ ամէն ինչ՝ լաւ թէ վատ, վերջ մը ունի:

9-Կրնաս ամէն ինչի մէջ կատակ (ծիծաղելին) գտնել. միակ հարկաւորը նոյն դրութեան այլ տեսանկիւնէ նայիլն է:

10-Եթէ կայ որեւէ բան, որ կ'ուզես օր մը իրականցնել, այսօր ըրէ՛, որովհետեւ այդ «օր մը»ն կրնայ չգալ:

Պիտի մոռնայի. աւելի քիչ ժամանակ անցընել այդ տխմար հեռախօսիդ հետ: