Հայրենի երաժիշտ Տիգրան Համասեան Կիւմրիի անօթեւան ընտանիքներու աջակցութեան նպատակով համերգ պիտի տայ: Համերգը տեղի պիտի ունենայ իւրօրինակ վայրի մէջ՝ ժամանակաւոր կացարաններէն մէկէն ներս: Իրադարձութիւնը կ'ամրապնդէ Կիւմրիի ժամանակաւոր կացարաններու հարցի լուծման գաղափարը, որու շուրջ օր ըստ օրէ կը միաւորուին հարիւրաւոր մարդիկ եւ որու համար շրջանէ մը ի վեր սկսած էր դրամահաւաքի արշաւ մը:
Նշենք, որ համերգը տեղի պիտի ունենայ 27 փետրուարին, ժամը 15:00-ին, Կիւմրիի մէջ։
Դրամահաւաքի աշխատանքը նոյնպէս կը շարունակուի հետեւեալ հասցէով՝
http://www.crowdfunder.co.uk/day-of-shame/