image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիրի Վերջին Հայը՝ Սարգիս Էքէն Մահացած Է

Տիարպէքիրի Վերջին Հայը՝ Սարգիս Էքէն Մահացած Է

Խտացեալ դարմանումի տակ գտնուող 86 ամեայ Սարգիս Էքէնը, երեկ, հիւանադանոցին մէջ կնքած է իր մահկանացուն: Սարգիս նախքան մահանալը կը բնակէր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը: Շուրջ 4 շաբաթներ առաջ իր առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով, զայն մեծ դժուարութեամբ կրցած էին փոխադրել հիւանդանոց, Սուրի մէջ տիրող ծանր բախումներու եւ փողոց ելլելու արգելքի պատճառով:

Ննջեցեալի Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ ապրող եղբայրը պատերազմական իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով  փոխադրուած էր Հայաստան, իսկ կինը, 60 տարի ուշացած ամուսնութենէն 2 ամիս ետք՝ մահացած էր:

Քաղաքի մէջ տիրող բախումներու հետեւանքով, Սարգիս Էքէնի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի ասորիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, եւ ոչ թէ՝ հայկական Ս. Կարապետի մէջ:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Մարմարա