image

Թուրքիոյ մէջ «ոչ-իսլամ» բնորոշումը նախատինք կը նկատուի

Թուրքիոյ մէջ «ոչ-իսլամ» բնորոշումը նախատինք կը նկատուի

Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախկին նախարար Մուրատ Պաշէսկիօղլու մէկու մը դէմ դատ բացած է, գանգատելով որ այդ անձը համացանցի վրայ իրեն վերագրած է ոչ-իսլամ արմատ: Դատարանը արդարացի նկատած է նախկին նախարարը եւ անոր կատարուած ոչ-իսլամ ըլլալու վերագրումը նախատինք համարելով, ամբաստանեալը 1 տարի 2 ամիս բանտարկութեան դատապարտած է: Մուրատ Պաշէսկիօղլու նախ ազդարարած է ամբաստանեալը, դիտել տալով որ ան զինք նախատած է ոչ-իսլամ կոչելով. «թող ետ առնէ իր այս պնդումը ու այն ատեն ես ալ պիտի հրաժարիմ դատ բանալէ», ըսած է ան: Բայց ենթական անզիջող մնացած է իր դիրքորոշման մէջ: Ան դատավարութեան ընթացքին պահանջած է, որ նախկին նախարարին կալուածներուն սեփականաթուղթերը եւ պաշտօնաթուղթերուն կրկնօրինակները դատարան բերուին, բայց դատաւորը մերժած է այդ պահանջը, պնդելով որ անոնք կապ չունին դատավարութեան հետ: