image

Թուրքիան է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագիրը ամէնէն շատ խախտողը

Թուրքիան է Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագիրը ամէնէն շատ խախտողը

Յարութ Սասունեան       

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Թուրք փորձառու լրագրող Սետաթ Էրկին գրած էր «Հուրիեթ» թերթին մէջ, որ «Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) Թուրքիան է Մարդկային իրաւունքներու խախտումներու առաջամարտիկը»: Եւրոպական դատարանը դատական գործերու վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնէ այն ատեն, երբ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը ստորագրած պետութիւնները կը խախտեն անոր դրոյթները:

 

Թէեւ Թուրքիա միացած է Եւրոդատարանին՝ վերջինիս հիմնադրումէն 27 տարի անց՝ 1986 թուականին, սակայն փաստ է, որ Թուրքիոյ մէջ թիւով աւելի շատ խախտումներ եղած են, քան միւս բոլոր անդամ երկիրներու մէջ՝ 1959-2016 ժամանակահատուածի ընթացքին:

 

Եւրոդատարանը Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր առմամբ կայացուցած է 3270 դատավճիռ, որոնցմէ 2889-ին մէջ յայտնաբերուած են  Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտումներ: Դատարանը յայտնաբերած է, որ Թուրքիա միայն 73 պարագաներու մէջ չէ կատարած որեւէ խախտում: Մնացած բոլոր պարագաներուն հայցերը լուծուած են ուրիշ ձեւով: Քանի որ դատական գործերու մեծ մասին մէջ արձանագրուած է աւելի քան մէկ խախտում, ուստի Թուրքիոյ մէջ կատարուած խախտումներու ընդհանուր թիւը կազմած է 4514:

 

Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 2016-ի տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է՝

 

- Ամէնէն մեծ թիւով թրքական խախտումները (832) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:

- Երկրորդ մեծ թուաքանակ ունեցող տեսակը (707 խախտում)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքն է»: Այս վերջին տեսակը կը նշանակէ, որ «Թուրքիոյ քաղաքացիները յաճախ կը ձերբակալուին ապօրինի մեթոտներով, եւ այդ ձերբակալութիւնները դիւրութեամբ կրնան վերածուիլ դատավճիռներու»՝ ըստ Էրկինի:

- Խախտումներու 3-րդ մեծ թիւ կազմող տեսակը (653) «սեփականութեան պահպանութեան իրաւունքն» է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շատ թուրք քաղաքացիներ զրկուած են սեփականութեան իրաւունքէ:

- 4-րդ մեծ թուաքանակ ունեցող տեսակը (586) «վարոյթներու տեւողութեան» խախտումն է:

- «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւնը» 5-րդ դիրքի վրայ է՝ 412 խախտումներով:

- «Անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումը» 6-րդ տեղը կը գրաւէ`314 խախտումներով:

- 7-րդ դիրքը կը գրաւէ՝ «արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունքը» (268 խախտում):

- «Արտայայտման ազատութիւնը» 8-րդն է (265 խախտում):

- 9-րդը՝ «կեանքի իրաւունքի՝ կեանքէն զրկելու» 133 խախտումներն են:

- 10-րդ դիրքի վրայ՝ «անձնական եւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ յարգանքի իրաւունքի»  խախտումներն են (100 խախտում):

 

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի, ապա վերջինիս գծով 2002-2016 թուականներուն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ արձանագրուած են 122 դատական ​​հայցեր, որոնցմէ 118-ին մէջ յայտնաբերուած են  Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտումներ, որոնք շատ աւելի քիչ են, քան Թուրքիոյ խախտումները, քանի որ Ատրպէյճան ՄԻԵԴ-ին միացած է աւելի ուշ՝ 2002-ին: Մնացած չորս դէպքերը լուծուած են այլ կերպ: Քանի որ որոշ պարագաներու եղած են մէկէ աւելի խախտումներ, ապա Ատրպէյճան ունեցած է ընդամէնը 224 խախտում:

 

- Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (44) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:

- Երկրորդ մեծաթիւ խախտումը (34)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի»:

- 3-րդ մեծաթիւ խախտումը (30)՝ «սեփականութեան պահպանութեան»:

- 4-րդ մեծաթիւ խախտումը (21)՝ «ազատ ընտրութիւններու իրաւունքի»:

- «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւնը»՝ 5-րդ մեծ թիւով խախտումն էր (17):

 

Միւս կողմէ՝ Հայաստան, որ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին միացած է Ատրպէյճանի հետ միաժամանակ (2002), աւելի քիչ խախտումներ ունեցած է: 2002-էն մինչեւ 2016 ՄԻԵԴ-ի կողմէ ընդդէմ Հայաստանի արձանագրուած են է 75 դատավճիռներ, որոնցմէ 68-ի մէջ եղած են խախտումներ: Մնացած 7 դէպքերը լուծուած են ուրիշ ձեւով: Քանի որ որոշ պարագաներու եղած են մէկէ աւելի խախտումներ, Հայաստան ունեցած է ընդամէնը 119 խախտում:

 

- Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (32) եղած են «արդար դատաքննութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:

- Երկրորդ մեծաթիւ խախտումները (27)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի»:

- 3-րդ մեծաթիւ խախտումները (16)՝ «սեփականութեան պահպանման»: 

 

Դրացի Վրաստան աւելի քիչ խախտումներ ունեցած է, քան Հայաստան: Վրաստան Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին միացած է 1999-ին: ՄԻԵԴ՝ 1999-2016՝ Վրաստանի դէմ ներկայացուցած է 68 դատական ​​հայցեր, որոնցմէ 52-ը խախտումներ եղած են: Մնացած 16 դէպքերը կարգաւորուած են ուրիշ ձեւով: Քանի որ դէպքերէն քանի մը հատին մէջ արձանագրուած են մէկէ աւելի խախտումներ, ապա Վրաստան ունեցած է ընդամէնը 99 խախտում:

 

- Ամէնէն մեծ թիւով խախտումները (20) եղած են «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի» համար:

- 2-րդ մեծաթիւ խախտումները (17)՝ «անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումի» համար:

- 3-րդ մեծաթիւ խախտումը (իւրաքանչիւրը 12 հատ) կապուած է «արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւն» եւ «արդար դատաքննութեան իրաւունքի» հետ:

 

Բացի վերոնշեալ խախտումներէն, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ՄԻԵԴ-ի հետ շատ աւելի լուրջ խնդիրներ ունին: 2016 Յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիա որոշած է կասեցնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը: Սակայն Համաձայնագիրի որոշ հատուածներ չեն կրնար կասեցուիլ, ինչպիսիք են՝ կեանքի իրաւունքը եւ խոշտանգումներու ու անմարդկային կամ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերումի կամ պատիժի արգելքը:

 

Ատրպէյճան լուրջ խնդիր մը եւս ունի ՄԻԵԴ-ի հետ. վերջինս վճռած է, որ ատրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական նշանաւոր գործիչ Իլկար Մամետով պէտք է ազատ արձակուի բանտէն: 2014-ին Ատրպէյճան մերժած է կատարել ՄԻԵԴ-ի որոշումը: Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն եւ Խորհրդարանական վեհաժողովը  շարք մը որոշումներ կայացուցած են՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանի՝ ազատ արձակել Մամետովը: Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն նախաձեռնած է դատական գործի աննախադէպ վերանայման՝ ՄԻԵԴ-ի որոշումին դէմ Ատրպէյճանի ցուցաբերած անհամաձայնութեան պատճառով: Ատրպէյճանի կողմէ այս որոշման հետագայ մերժումը կրնայ եւ յանգեցնել Եւրոպական խորհուրդէն Ատրպէյճանի վտարման...

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան