image

Թուրքիա. Հայ Աշակերտները Կրօնքի Դասի Քննութիւն Յանձնելու Իրաւունք Ստացան

Թուրքիա. Հայ Աշակերտները   Կրօնքի Դասի  Քննութիւն Յանձնելու Իրաւունք Ստացան

 Թուրքիա-  («Տէյլի Սապա»- Պոլիս)  Թուրքիոյ հանրապետութեան  պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով  հայ աշակերտներ    պետական քննութիւններուն    քրիստոնէական կրօնքի  դասանիւթին   վերաբերեալ    քննութեան մասնակցելու իրաւունք ստացած են: Այս մասին կը գրէ  «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, որ յառաջիկայ  25  Նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ կայացուելիք պետական քննութիւններուն  218 հայ աշակերտներ   13 հայկական վարժարաններու  մէջ քրիստոնէական դասանիւթին  մասին    քննութիւն պիտի յանձնեն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ քննութեան  հարցարանները  պատրաստուած պիտի ըլլան հայ կրօնաւորներու կողմէ եւ հայերու կողքին  յոյն ուղղափառ  ու  ասորի աշակերտներ  եւս    կրօնական դասանիւթ անցնելու  ազատութիւն    պիտի ունենան: