image

Տէմիրթաշն ու Եուքսէքտաղ վերընտրուած են HDP-ի Համանախագահներ

Տէմիրթաշն ու Եուքսէքտաղ վերընտրուած են HDP-ի Համանախագահներ

Անգարա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Անգարայի մէջ, Կիրակի օր, Ժողովուրդներու դեմոկրատական ​​կուսակցութեան (HDP) համաժողովի ընթացքին, համանախագահներ վերընտրուած են Սէլահ Ալ-Տին Տէմիրթաշն ու Վիկէն Եուքսէքտաղը:Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը, փոխանցելով, որ Եուքսէքտաղ եւ Տէմիրթաշը յաջողած են ապահովել 626 քուէարկող պատուիրակներէ 624-ի ձայները, ուր HDP-ի ընդհանուր պատուիրակներու թիւը կը կազմէ 1,049:

Աղբիւրը կը նշէ, որ քուէարկութեան արդիւնքները զարմացնող չէին, քանի որ կուսակցութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ ինք պիտի շարունակէ աշխատիլ Տէմիրթաշի եւ Եուքսէքտաղի հետ, սակայն Տէմիրթաշի կողմէ յայտարարութիւնը, թէ ինք չի «ձգտիր» համանախագահ դառնալ, շփոթմունք առաջացուցած էր:

Տէմիրթաշ, Կիրակի օր յայտնած է նաեւ, որ կուսակցութիւնը մաս պիտի կազմէ նոր սահմանադրութեան մշակման պատասխանատու խորհրդարանական յանձնաժողովին, որու հրաւիրուած էին ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, խորհրդարանի նախագահ Իսմաիլ Քահրամանի կողմէ, սակայն մինչ այդ HDP չէր ընդառաջած: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ պիտի մասնակցին սահմանադրական հաշտեցման յանձնաժողովին:

Միւս կողմէ, HDP-ի Իզմիրի տեղակալ Էրթուղրուլ Քիւրքչուն, նշած է «Մենք պիտի ներկայացնենք մեր առաջարկը սահմանադրութեան վերաբերեալ, ուր սակայն տեղի իշխանութիւններն աւելի հզօր են»: