Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիյուզ»-Պոլիս) «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) համանախագահ Սալահ Էլ-տին Տիմիրթաշ անդրադառնալով քրտական հարցին, յայտարարած է, որ Հարաւ-արեւելեան Անատալուի բնակիչներու կողմէ «ինքնավարութեան» պահանջքը պէտք է տեսնել որպէս թրքական կառավարութեան կողմէ իրենց վրայ պարտադրուած «բռնապետութիւն»ը դիմակայելու միջոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրրիյթը»: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Տէմիրթաշ նախքան Մոսկուա մեկնիլը , 22 Դեկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ շեշտած է, որ հարցը անվտանգութեան ուժերու եւ 15-20 PKK-ի անդամներու միջեւ եղած պայքարի մասին չէ, ինչպէս կը փորձէ ձեւացնել Թուրքիոյ կառավարութիւնը, այլապէս շատոնց լուծուած կ'ըլլար: «Կառավարութիւնը կ'ուզէ խաբել մասնաւորաբար Արեւմտան Թուրքիոյ բնակիչները » ըսած է Տէմիրթաշ, նշելով, որ կառավարութիւնը կը փորձէ ռազմական գործողութիւններ միջոցաւ պարտադրել HDP կուսակցութեան հնազանդիլ իրեն:Աղբիւրը կը նշէ, թէ Տէմիրթաշ յայտնած է նաեւ, որ եթէ Ճիզրէի ժողովուրդի պահանջը ինքնավարութեան փոխարէն՝ բռնապետութիւն եւ նախագահական համակարգի հաստատում ըլլար, այդ ժամանակ Անգարան սրտբաց պիտի ընդունէր այդ մէկը եւ տօնախմբութիւն պիտի կազմակերպէր:Այնուհետեւ անդրադառնալով վարչապետ Տավութօղլուի կողմէ իրեն դէպի Ռուսիա այցի ընտրուած ժամանակի շուրջ կասկածալի հարցականներուն, «Հիւրիյէթ» կը նշէ, որ Տէմիրթաշ պատասխանած է, թէ ինք մէկ տարի առաջ նոյնպէս այցելած է Ռուսաստան, եւ աւելցուցած, որ ներկայ այցելութիւնը ծրագրաւորուած էր նախքան Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացումը: