Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»-Պոլիս) Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի խմբագիր Ճան Տիւնտէր իր Twitter-եան էջին վրայ Հինգշաբթի օր գրառում մը կատարելով յայտարարած է, որ ինք եւ «Ճումհուրիյէթ»ի Անգարայի ներկայացուցիչ Էրտէմ Կիւլ դատախազի խնդրանքով Պոլսոյ մէկ դատարանը պիտի երթան` որպէս վկայ ահաբեկչութեան հետ կապուած յետաքննութեան մը նիստին ներկայ ըլլալու: Յետաքննութիւնը սկիզբ առած է «Ճումհուրիյիթ» թերթի Մայիս վերջերը լոյս տեսած թիւի առաջին էջին հրապարակուած բեռնատար ինքնաշարժներու նկարներուն համար, ուր կը ցուցադրուին պողպատեայ բեռնարկղեր` լեցուած հրասանդի փամփուշտներով, ռումբերով եւ զինամթերքով, տեղադրուած՝ դեղորայքի արկղերուն տակ: Ան նաեւ տեսաերիզ մը հրապարակած է, ուր քաղաքապահները կը բանան եւ կը փնտռեն այդ բեռնատարերուն մէջ եղած արկղերը:
Խմբագիրը հրապարակուած նկարներու մասին գրած է, որ անոնք Սուրիա փոխադրուած են, բեռնատար ինքնաշարժներու միջոցաւ` օգտագործուելու համար Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան կողմէ (MIT): Կասկածեալ բեռնատարները կանգեցուած են 2 անգամ քաղաքապահ ոստիկաններու կողմէ երկու առիթներով, 2014 թուականի Յունուարին: Եղած են հաստատումներ, որ զէնքերը պիտի յանձնուէին ծայրայեղական խմբաւորումներուն, որոնք կը պայքարին Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ: Միւս կողմէ Անգարա կը պնդէ, որ բեռնատարերը օգնութիւններ կը փոխադրէին սուրիացի թիւրքմէններուն: «Ճումհուրիյէթ» գրած է, որ ապրանքատար բեռնատարները կը պարունակէին 1000 ռումբեր, 1000 հրասանդի փամփուշտներ, 50 000 ինքնաձիգի փամփուշտներ եւ 30 000 ծանր հրետանային փամփուշտներ: