Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի գլխաւոր օգնական նշանակուած Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան «Կրօնք Եւ Ընկերութիւն» ընդհանուր խորագիրը կրող յատուկ յայտագրով մը պիտի խօսի «Լոյս Զուարթ» պատկերասփիւռային ծրագրի եթերէն: Նշենք, որ Գերապայծառը իր եպիսկոպոսական աստիճանատուուչութիւնը ստացած էր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Գրիգոր Ի. Կապրոյեանին նախագահութեամբ Հռոմի մէջ կայացուած եպիսկոպոսական Սիւնոտոսին ընթացքին, եւ ան ներկայիս կը վարէ Պէյրութի առաջնորդի եւ պատրիարաքական օգնականի պաշտօն: Յիշեցնենք, որ Tele Lumiere (Nour Al Shark) կայանի հայերէնով սփռուող «Լոյս Զուարթ» յայտագրի խմբագիրն է Տիար Վարդան Թաշճեան: