Սուրիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Սիրիոյ Ընդդիմութեան Գլխաւոր Մարմինը համաձայնած է մասնակցելու խաղաղութեան բանակցութիւններուն, որ սկիզբ առած էր Ժընէւի մէջ, Ուրբաթ օր:Այս մասին կը տեղըկացնէ «Տէյլի Սապահ», յայտնելով, որ «Բանակցութիւններու Բարձրագոյն Կոմիտէն» (HNC) մասնակցութեան որոշումը կայացուցած էր ՄԱԿ-ի եւ Ամերիկայի երաշխիքները ստանալէ ետք:
«Սապահ»ի համաձայն, ՄԱԿ-ի Սուրիոյ դեսպան Տէ Միսթուրան յայտարարծ է, որ ինք յոյս ունէր, որ ընդդիմութիւնը նկատի պիտի ունենայ հանդիպման լրջութիւնը եւ Կիրակի օր անոր պատուիրակութիւնը պիտի ներկայանայ բանակցութիւններուն: Մինչ ընդդիմադիր պատուիրակութիւնները, Հինգշաբթի օր Ռիատի մէջ իրենց հանդիպման որոշած էին որ իրենք բանակցութիւններուն պիտի չմասնակցին, մինչեւ որոշում կայացուէր վերջ տալու օդային յարձակումներուն եւ օգնութիւն մատակարարել պաշարուած քաղաքներուն:
Միութեան խօսնակ Ահմատ Ռամատանի համաձայն, որ Բանակցութիւններու Բարձրագոյն Կոմիտէի մէջ Սուրիոյ Ազգային դաշնակցութեան գլխաւոր անդամներէն է, բանակցութիւններու պոյքոթը պիտի շարունակուի մինչեւ որ բանակցութիւնները չհաւաստիացնեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւրը, վերացնելով ընդդիմադիր շրջաններու պաշարումը եւ դադարեցնել ռմբակոծութիւնը՝ քաղաքացիներուն վրայ, «Կարելի չէ որեւէ բանակցութեան երթալ, երբ տակաւին մարդասիրական հարցեր չեն քննարկուած, կամ իրականցուած» ըսած է ան: