image
Հրատապ լուրեր:

«Քրիստոնեաները Այս Հողին Աղն Են» . Լուքա Խուրի Արքեպիսկոպոս

«Քրիստոնեաները Այս Հողին Աղն Են» . Լուքա   Խուրի Արքեպիսկոպոս

«Միջին  արեւելքի    քրիստոնեաները  կառչած են իրենց հողին»  «Արեւելք»ին  յայտնեց  Յոյն Ուղղափառ համայնքի  Դամասկոսի թեմի  առաջնորդ  Լուքա  Խուրի Արքեպիսկոպոս:    Առաջնորդ սրբազան  հայրը, որ  վերջերս    Սուրբ էջմիածին գտնուելով մասնակցեցաւ   Միւռոնօրհնէքի  արարողութեան նաեւ   յայտնեց, թէ «Քրիստոնեայ համայնքներու հանդէպ անիրաւութիւն չի գործադրուիր, սա արդէն մետիայի կողմէ օգտագործուած վատ  գովազդն  է, որ կը տարածուի աշխարհով մէկ:  Քրիստոնեաները կ'ապրին նոյն այն դժուար պայմանները, զորս կ'ապրի այդ հողին վրայ գտնուող իւրաքանչիւր քաղաքացի»: «Արեւելք»ի այն հարցումին պատասխանելով, թէ   արդեօ՞ք    քրիստոնեայ եկեղեցիները մտահոգ են  միջին արեւելքի քրիստոնեաներու  ճակատագրով  Յոյն  Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատասխանատուն  պատասխանեց՝  «Քրիստոնեաները այս հողին իրաւատէրերն  են, հողը անոնց   կը պատկանի եւ իրենք այդ հողին աղն են: Այս պատճառաւ երբ հիմը կը չքանայ ծառը տերեւ չի տար եւ ծառը առանց արմատի կը մահանայ: Եթէ քրիստոնեաները հեռանան այդ տարածքէն աշխարհը կը մահանայ, ինչպէս ըսի անոնք այս հողի արմատն են, հետեւաբար միայն  անոնց հանդէպ չէ, որ  անիրաւութիւն   կը գործադրուի: Անիրաւութիւնը կը գործադրուի այդ տարածքին վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդու հանդէպ  այն  խմբաւորումներուն կողմէ, որոնք    իրենք զիրենք  Տահէշ (ISIS)  կոչելով աւերածութիւններ կը գործեն»: